2011-05-22 09:18:47

<<Միացեալ Նահանգներու Ապագան Միջին Արեւելքի Ապագային Կապուած>> Է կ՛ըսէ Նախագահ Օպամա։


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Միջին Արեւելքի շուրջ իր արտասանած ճառին մէջ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին շրջանի շարք մը երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող փոփոխութեան հոլովոյթին եւ բարեկարգումի պահանջներուն: Ան նաեւ ընթացող ժողովրդավարականացման հոլովոյթին օժանդակելու նպատակով ի նպաստ Եգիպտոսի եւ Թունուզի տնտեսական օժանդակութիւններ յայտարարեց:
Օպամա Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհին կոչ ուղղեց իշխանութիւնը փոխանցելու, իսկ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին` իր խոստացած բարեփոխումները կատարելու: Ան ըսաւ, որ Ասատ պէտք է կա՛մ դէպի ժողովրդավարական վարչակարգ փոխանցումը ղեկավարէ, կա՛մ ալ հեռանայ, իսկ Պահրէյնի մէջ միակ լուծումը նկատեց կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Միջին Արեւելքի նկատմամբ ամերիկեան քաղաքականութեան նուիրուած իր ճառին ընթացքին Օպամա յայտնեց, որ «անցնող վեց ամիսներուն ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ մեծ փոփոխութեան ականատես դարձանք. շարք մը երկիրներու մէջ փոփոխութեան եւ բարեկարգումի պահանջներ կան»: Ան աւելցուց, որ ճնշումի ձեւերը պիտի չյաջողին ժողովուրդներուն ձայնը եւ անոնց փոփոխութեան պահանջները լռութեան մատնելու` աւելցնելով, որ այդ պահանջները շրջանին մէջ բոլոր երկիրներուն կ՛առնչուին եւ ատկէ որեւէ մէկը պիտի չբացառուի:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշեց որ արաբական երկիրներուն մէջ ժողովուրդին կողմէ տեղի ունեցած շարժումները ինքնաբուխ են եւ այդ ժողովուրդները իրաւունք ունին իրենց ճակատագիրը իրենք որոշելու:
Իր խօսքին աւարտին Միացեալ Նահանգներու նախագահը, անդրադառնալով միջինարեւելեան խաղաղութեան հոլովոյթին, դարձեալ կոչ ուղղեց կողք կողքի ապրող 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան եւ իսրայէլեան պետութիւններու կազմութեան` աւելցնելով, որ Իսրայէլ պէտք է հաւատարիմ մնայ խաղաղութեան հոլովոյթին: Ուշագրաւ զարգացումով մը ան նշեց, որ պետութիւն մը կազմելու հրեաներու երազը չի կրնար բռնագրաւումի ճամբով իրականանալ, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի մը` Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի բռնագրաւման առաջին ակնարկն էր:
Այս պատճառով ալ Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութենէն անձնաւորութիւններ Օպաման ամբաստանեցին Իսրայէլի դաւաճանելու յանցանքով:








All the contents on this site are copyrighted ©.